Յարգանքի տուրք Կիլիկիոյ ազատագրման մասնակցած աֆրիկացիներուն 

  • by Editbeglari, September 29, 2026 in Լուրեր
97 դիտում

2026 թուականի Սեպտեմբեր 25-ին, Ֆրանսայի Անթիպ քաղաքին մէջ՝ Ռապիակ գերեզմանատան մէջ, տեղի ունեցաւ Հարկիներուն եւ այլ օժանդակ կազմաւորումներու անդամներուն նուիրուած Ազգային Յարգանքի օրուան ձեռնարկը։

Ձեռնարկին ներկայ էր Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան՝ Անթիպի քաղաքապետ Ժան Լէոնեթիի, հայրենասիրական միութիւններու եւ յիշատակի պահպանման հարցերու քաղաքային խորհրդական Ժերալդ Լաքոստիի, ինչպէս նաեւ Անթիպի Մարտիկի տան նախագահ Քրիստիան Ժամփիէթրիի կողքին։

Ձեռնարկի ընթացքին յիշատակուեցաւ նաեւ «աֆրիկացիներու» մասնակցութիւնը Կիլիկիոյ ազատագրման պայքարին՝ 1918–1920 թուականներուն։

Մասնակիցները եղբայրական յարգանքի տուրք մատուցեցին նաեւ Վրէժ Աբրահամեանի յիշատակին՝ ԱՆԱԿԱՍ-ի նախագահին եւ Արեւմտեան Հայաստանի դրօշակիրին։