Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռը՝ Գանձասարի մէջ կազմակերպուած սադրանքի մասին. կը պահանջէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յստակ գնահատականը 

  • by Editbeglari, September 12, 2026 in Լուրեր
98 դիտում

Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռի խորհուրդը յայտարարութեամբ հանդէս եկած է՝ խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի այցը Գանձասարի միջնադարեան վանական համալիր, ուր, ըստ յայտարարութեան, օտարերկրեայ դիւանագէտներու ներկայութեամբ կազմակերպուած է քարոզչական բնոյթի ներկայացում։

Յայտարարութեան հեղինակներուն պնդմամբ՝ միջոցառման ընթացքին ծաղրի ենթարկուած են հայկական հին ձեռագրերը, որոնք ներկայացուած են որպէս կեղծիք, իսկ ձեռագրերու նմանակներու ցուցադրութիւնը՝ որպէս հայկական ժառանգութիւնը վարկաբեկելու փորձ։ Խորհուրդը կը շեշտէ, որ որեւէ տարածքի նկատմամբ փաստացի կամ իրաւական վերահսկողութիւնը չի կրնար փոխել այնտեղ գտնուող մշակութային արժէքներու ազգային ու պատմական պատկանելիութիւնը։

Յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուին 1954 թուականի Հաագայի կոնվենցիայի 4-րդ եւ 5-րդ յօդուածները, ինչպէս նաեւ 1999 թուականի Երկրորդ արձանագրութեան 9-րդ յօդուածը, որոնք կը սահմանեն մշակութային արժէքներու յարգման եւ պահպանութեան պարտաւորութիւններ, ներառեալ գրաւեալ տարածքներու մէջ, եւ կ՚արգիլեն մշակութային պատկանելիութեան վկայութիւնները թաքցնող կամ ոչնչացնող գործողութիւնները։

Խորհուրդը քննադատած է նաեւ միջոցառման ներկայ օտարերկրեայ դիւանագէտներու եւ Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը՝ զանոնք գնահատելով, իր բնորոշմամբ, որպէս «լուռ համաձայնութիւն եւ անգործութիւն»։

Յայտարարութեան եզրափակիչ մասին մէջ Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռը կոչ կ՚ընէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ միջազգային հանրութեան՝ յստակ ու հասցէական գնահատական տալ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ, ըստ իրենց, իրականացուող վանտալիզմին եւ գործուն քայլեր ձեռնարկել անոր կանխարգիլման ուղղութեամբ։