Կեանճայի մէջ տեղակայուած Ատրպէյճանի Ներքին գործերու նախարարութեան N զօրամասին մէջ ծառայած զինուորներէն մէկը պատմած է, թէ ինչպէս 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք պատրաստուած են 2023 թուականի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Արցախի դէմ յարձակման, որ յանգեցաւ հայաթափման։
«Զօրացրուելուս հաշուած օրեր մնացած էին․ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 1-ին պիտի զօրացրուէի։ Անկեղծ ըլլալով՝ զինուորական ծառայութեան առաջին իսկ օրէն այնպիսի զգացողութիւն ունէի, որ զօրամասի կազմին մէջ ընդգրկուած տարբեր ստորաբաժանումներ կը պատրաստուէին որեւէ գործողութեան, կը պատրաստուէին կրակ բանալու։
Բազմաժամեայ ամենօրեայ վարժանքները ծառայութեան ժամկէտը աւարտող զինծառայողներու առօրեային մէկ մասը դարձած էին․ յատուկ միջոցներու կիրառման նախապատրաստութիւն, զանգուածային անկարգութիւններու կանխման մարտավարութիւն, ֆիզիքական պատրաստութիւն, յատուկ մարտավարական վարժանքներ, հոգեբանական պատրաստութիւն, հրաձգութիւն, մերձամարտ եւ ձեռնամարտ, լեռնային տեղանքի, քաղաքներու եւ փակ տարածքներու մէջ գործողութիւններու նախապատրաստութիւն, հետախուզական եւ դիտարկման տարրեր, պայթիւնավտանգ պայմաններու մէջ գործողութիւններու նախնական պատրաստութիւն, բժշկական պատրաստութիւն եւ շարք մը այլ գործընթացներ, որոնք ամբողջութեամբ կ՚արտացոլէին ներքին զօրքերու նպատակը։
Թուարկուածը «Յատուկ նշանակութեան խումբ» եւ «Յատուկ նշանակութեան ուժերու տեղակայման խումբ» ստեղծելու նախապատրաստական գործընթացին մէկ մասն էր։
Սակայն այդ ժամանակ այս բոլորը կը համարէինք սովորական զինուորական ծառայութեան մաս։ Աւելի ուշ հասկցանք, որ իրականութեան մէջ ամէն օր մեզ կը պատրաստէին յաջորդ օրուան ամենածանր օրուան։
Մենք երբեք չէինք կրնար ենթադրել, որ որեւէ պահու պետական ինքնիշխանութեան վերականգնման նպատակով տեղի պիտի ունենային տեղական «հակաահաբեկչական» միջոցառումներ, եւ գործողութիւններու գօտի պիտի ուղարկուէին նաեւ ժամկէտային զինծառայողներ՝ իբրեւ օժանդակ ստորաբաժանումներ՝ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու սպաներուն եւ զինծառայողներուն հետ միասին։
Ի հարկէ, այն ժամանակ զօրամասի հրամանատարը մեզի ոչինչ յստակ ըսած էր։
Անոնք ջոկատ կազմեցին եւ միայն մէկ բան ըսին․ «Ամէն ինչի պէտք է բարձր մակարդակով պատրաստ ըլլալ»։ «Ամէն ինչի»… թէ ի՛նչ կը թաքնուէր այս երկու բառերուն ետին, մենք հասկցանք աւելի ուշ։
Մեզի համար այս գործընթացը սկսաւ Սեպտեմբեր 19-ին՝ տագնապի ազդանշանով։ Հրաման տրուեցաւ, եւ զօրամասի անձնակազմը բերուեցաւ մարտական պատրաստութեան։
Զէնքի պահեստային տարածքներու դռները բացուեցան։ Մէկ ակնթարթի մէջ ամբողջ անձնակազմը շարքի կանգնեցաւ՝ զինուած եւ ամբողջ գոյքով ապահովուած։ Մեզ կը սպասէին «Ուրալ» բեռնատարները։
Այդ պահուն զօրամասին մէջ տարօրինակ լռութիւն կը տիրէր։ Ոչ ոք բարձրաձայն հարցումներ կու տար։ Որովհետեւ երբեմն հարց տալը աւելի դժուար է, քան պատասխանելը։ Այն, որ մեր խումբը կրցաւ այդքան արագ պատրաստ ըլլալ՝ պատահականութիւն չէր։
Զինծառայողները, ներառեալ ես, կը կարծէինք, որ այս հաւաքը, ինչպէս միւսները, ստուգողական բնոյթ կը կրէր, բայց՝ ոչ։ Այս անգամ «ուսումնական վարժանք» բառը չհնչեց, ոչ ոք ըսաւ՝ «մէկ վայրկեանէն կը վերադառնանք»։ Եւ ներքին զօրքերու զինծառայողները մեկնեցան Ղարաբաղ՝ մասնակցելու այդ խոշոր գործողութեան…»,- ատրպէյճանական լրատուամիջոցներէն մէկուն պատմած է 2023 թուականի Սեպտեմբերեան յարձակման ժամանակ ժամկէտային զինծառայութեան մէջ գտնուած ատրպէյճանցին՝ աւելցնելով, որ իրենց ջոկատէն 12 զինծառայող «շեհիտ» դարձած է։
Մէկ այլ առիթով ներկայացուած էին ատրպէյճանցի «շեհիտներու» հարազատներու վկայութիւնները, որոնց համաձայն՝ Արցախի դէմ կռուած են Ատրպէյճանի բոլոր ուժային կառոյցներէն, ոչ միայն բանակէն, այլեւ ներքին զօրքերէն ներկայացուցիչներ։
Ատրպէյճանի ներքին զօրքերուն մէջ ծառայած զինուորի մը մայրը պատմած էր, որ որդին չէր տեսած 2023 թուականի Սեպտեմբեր 3-էն ի վեր․ ան վարժանքի մեկնած էր, սակայն յետագային պարզուած էր, որ պատերազմի տարածք ուղարկուած է, ուրկէ ողջ չէ վերադարձած։
Այսինքն՝ ինչպէս նշուած է, Ատրպէյճան երկար ժամանակ նախապատրաստած է Արցախի դէմ յարձակումը, որուն համատեքստին մէջ էր Լաչինի միջանցքի փակումն ու ապա՝ ամբողջական շրջափակումը։
Օրերս ատրպէյճանական քարոզչամեքենան յայտնած է, թէ իբր 2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կորսնցուցած է 192 զինծառայող։ Այս թիւը, սակայն, իրականը չէ եւ աւելի ցած է։
Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած էր, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին եւ 2023 թուականի ատրպէյճանական յարձակման ժամանակ իրենց «շեհիտներու» թիւը աւելի քան 3000 է։ Այս թիւին վերաբերեալ եւս նշուած է, որ անիկա իրական ցուցանիշը չէ։
168.am-ը գրած է, որ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի դէմ յարձակման մասնակցած են նաեւ Թուրքիան կամ թուրք զինծառայողները։
Իսկ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին սանձազերծուած ատրպէյճանական յարձակման դէմ մարտերուն զոհուած եւ անհետ կորսուած են Պաշտպանութեան բանակի 265 զինծառայողներ։ Անոնց յաջողած է զգալի կորուստներ պատճառել հակառակորդին։
Այլ հարց է, որ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի դէմ յարձակումը եւ հայաթափումը օր մը առանձին քննութեան առարկայ պէտք է դառնան, եւ այստեղ հարցերու պէտք է պատասխանեն այդ ժամանակ պաշտօնավարած թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութիւնները, ինչպէս նաեւ ռուսական կողմը։ Բազմաթիւ դրուագներ տակաւին անյայտ են։
Իսկ մինչ այդ, ըստ էութեան, յօդուածի նիւթին համատեքստին մէջ պէտք է աւելցնել, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը հետեւած է Ռազմական ոստիկանութեան ստորաբաժանումներու զօրավարժութիւններուն, որոնք ՆԱԹՕ-ական ծրագիրով են, եւ ծանօթացած անոնց գործառնական կարողութիւններուն, որոնք կը ներառեն հետախուզութեան եւ քաղաքային մարտերու տարրեր։
