ԱՄՆ-ը հարուածած է Իրանին, Թեհրանն ալ՝ Պարսից ծոցի ամերիկեան կեդրոններուն

  • by Editbeglari, July 08, 2026 in Լուրեր
135 դիտում

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը Իրանի դէմ իրականացուցած նոր հարուածներուն ընթացքին թիրախաւորած են 80 ռազմական կեդրոն՝ մեղադրելով Թեհրանը համաշխարհային մատակարարումներու համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերու դէմ յարձակումներ իրականացնելու համար։ Իրանի պատասխան հարուածներուն թիրախը դարձած են Պարսից ծոցի հարեւան Քուէյթի եւ Պահրէյնի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմական կեդրոնները։

«Այս հարուածներուն նպատակն էր ծանր գին պարտադրել անոնց, որոնք միջազգային ջրային ուղիին մէջ անմեղ քաղաքացիական անձնակազմով առեւտրական նաւերը կը թիրախաւորեն եւ յարձակումներ կը գործեն անոնց դէմ»,– կը նշուի ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ, ուր Իրանի գործողութիւնները կը բնորոշուին որպէս «անհիմն, վտանգաւոր եւ զինադադարի յստակ խախտում»։

Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահապաններու Կորպուսը (ԻՀՊԿ) յայտարարած է, թէ հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած է Պահրէյնի եւ Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան կարեւոր ռազմական կեդրոններուն։ Իրանական կողմը նաեւ կը պնդէ, թէ խոցած է յարձակման միջամտելու փորձ կատարող ամերիկեան MQ-9 անօդաչու թռչող սարք մը։