Իրանի գերագոյն առաջնորդ Մոճթապա Խամենէի յայտարարած է, թէ ԱՄՆ-ի կամ Իսրայէլի կողմէ որեւէ սպառնալիքի պարագային, Իրանի զինուած ուժերը պէտք է անմիջապէս պատասխանեն՝ առանց աշխարհագրական սահմանափակումներու։ Ան հրահանգած է զինուած ուժերուն գտնուիլ բարձր պատրաստուածութեան վիճակի մէջ։
Իրանի զինուորական հրամանատարութեան հաղորդմամբ՝ պատրաստուածութեան բարձր մակարդակ կը պահպանուի Պարսից ծոցի ափին, Հորմուզի նեղուցի եւ Օմանի ծոցի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ երկրի հիւսիսարեւմտեան եւ հարաւարեւելեան սահմաններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը։
Միաժամանակ, ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարած է, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին որոշում չէ կայացուցած Իրանի դէմ նոր հարուածներ հասցնելու վերաբերեալ։ Ռուպիոյի համաձայն՝ Ուաշինկթըն կը նախընտրէ հարցը լուծել դիւանագիտական ճամբով, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային ԱՄՆ ունի զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու կարողութիւնը։
Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Իրանի եւ Քաթարի ներկայացուցիչները Շաբաթ օր, Տոհայի մէջ բանակցութիւններ վարած են՝ քննարկելով Պարսից ծոցի պատերազմէն դուրս գալու կարելի ուղիները։ Քաթար նախապէս առաջարկած էր վստահութեան ամրապնդման եօթնօրեայ ծրագիր մը, զոր Թեհրան բաւարար չէ նկատած։
Իրանի առաջարկը կը ներառէ ԱՄՆ-ի կողմէ իրանական նաւահանգիստներու շրջափակման վերացումը, սառեցուած դրամական միջոցներու ապասառեցումը եւ Հորմուզի նեղուցով նաւարկութեան համար Իրանի առաջարկած ուղիին ընդունումը։
ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ տարածաշրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման սպառնալիքի պայմաններուն մէջ։
