ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներէն մեր երկրին մէջ վերապատրաստուող ուսուցիչներն իրենց երկրին մէջ կդասաւանդեն հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան պատմութիւնը 

  • by Editbeglari, July 11, 2024 in Լուրեր
293 դիտում

Արդեն երրորդ տարին անընդմէջ ամերիկացի 15 ուսուցիչ կը մասնակցէ ամերիկեան «Genocide Education Project» կազմակերպութեան ծրագրին։

Տասնօրեա տեւողութեամբ ծրագրին շրջանակները կը կազմակերպուի ամերիկացի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր, որու նպատակն է իրական փաստերու եւ արխիւային փաստաթուղթերու ուսումնասիրմամբ կազմակերպուած դասընթացներու միջոցով հէնց ամերիկացի ուսուցիչներուն ներկայացնիլ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան պատմութիւնը: 

«Արմենպրես»-ին հետ զրոյցին ատեն ծրագրին տնօրէն, ամերիկահայ Ռոքսան Մաքասջեան մանրամասնած է, որ տարիներ առաջ Կալիֆորնիա նահանգին մէջ օրէնք է ընդունուած, որու համաձայն՝ ցեղասպանութեան մասին պետք է պատրաստուեին նիւթեր եւ դասաւանդուեին ամերիկեան դպրոցներու մէջ։ Սակայն, երբ որոշ ժամանակ հասկցած են, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ չեն իրականացուէր, քանի որ այդ նպատակին համար դրամական միջոցներ չեն տրամադրուած։

Անոր խօսքով՝ հէնց այս հանգամանքէն ելնելով իրենց մոտ ծնուած է գաղափար մը, ըստ որու՝ անհրաժեշտ է եղած ստեղծիլ կազմակերպութիւն մը, որը կօգնէ դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն ունենալ թեմային շուրջ համապատասխան նիւթեր եւ պատրաստուած կադրեր, ովքեր պատշաճ կերպով կներկայացնեն ու կդասաֆանդեն հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան պատմութիւնը: 

Ան ընդգծած է, որ իրականացուած աշխատանքը շատ մեծ արդիւնաւետութիւն են ունեցած, եւ նոյնիսկ մասնակից ուսուցիչները զարմանք են արտայայտած ըսելով, որ իրենք մշտապէս ցանկցած են անդրադառնալ այդ թեմային, սակայն չեն իմացած, թէ որտեղէն կարելի է սկսիլ։

Գործադիր տնօրէնը նաեւ յաւելած է, որ ատոր պատճառն այն է, որ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան պատմութեան վերաբերեալ մշտապէս գոյութիւն է ունեցած շատ լուրջ հակաքարոզչութիւն, եւ ամերիկացի ուսուցիչները հաճախ չեն կրցէր կողմնորոշուիլ, թէ որտեղէն կրնան գտնիլ հաւաստի եւ ճշմարիտ տեղեկատւութիւն պատմութեան վերաբերեալ: