ԱՄՆ Կոնգրեսի հայկական հարցերով խումբը կը պահանջէ ՆԱՏՕ-ի գագաթաժողովին մէջ պատասխանատւութեան ենթարկիլ Բաքուին 

  • by Editbeglari, July 10, 2024 in Լուրեր
285 դիտում

Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը կ՚ողջունէ ԱՄՆ Կոնգրեսին հայկական հանձնախումբի համանախագահներ՝ Ֆրենք Փալոունի, Գուս Բիլիրակիսի, Ադամ Շիֆի եւ Դեյվիդ Վալադաոյի համատեղ յայտարարութիւնը, որով Բայդենի վարչակազմին կոչ  կ՚արուի պատասխանատւութեան ենթարկիլ Բաքուին Արցախի էթնիկ զտումներու համար, նպաստիլ Արցախ հայերու վերադարձին եւ Բաքուի շարունակական ագրեսիային պայմաններու մէջ աջակցիլ Արեւելեան Հայաստանի ինքնիշխանութեանը:

Մեկնաբանելով կոնգրեսականներու նախաձեռնութիւնը՝ Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբի Վաշինգտոնին գրասենեակին գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նշած է․ «Մեր համայնքը, կոալիցիոն գործընկերները եւ Կոնգրեսին դաշնակիցները միաւորուած են Բաքուին պատասխանատւութեան ենթարկելու իր ռազմական յանցագործութիւններու համար՝ սկսած Ալիեւի կողմէն Արցախի էթնիկ զտումէն եւ քրիստոնեական սրբավայրերու ոչնչացումէն մինչեւ Արեւելեան Հայաստանի տարածքին շարունակական բռնազաւթումը եւ հայ գերիներու ապօրինի կալանաւորումն ու բռնութիւնը»:

Կոնգրեսի հայկական հանձնախումբի ձայտարարութիւնը, որը կը համընկնէ այս շաբաթ Վաշինգտոնին մէջ ՆԱՏՕ-ի գագաթնաժողովին բացման հետ, կոչ կ՚ընէ Բայդենի վարչակազմին «ապահովիլ, որպէսզի Բաքուն առերեսուի իր գործողութիւններու հետեւանքներուն եւ չխրախուսուի ռազմական յանցագործութիւններու, մարդու իրաւունքներու ոտնահարման եւ Արցախի աւելի քան 120․000 հայերու էթնիկ զտման համար»:

«Բայդենի վարչակազմը պետք է երաշխաւորէ, որ Բաքուն հետեւէ միջազգային օրէնքներուն ներառեալ հայ ռազմագերիներու վերադարձը, մշակութային ժառանգութեան օբյեկտներու պաշտպանութիւնը եւ Արցախի հայերու՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը՝ միջազգային երաշխիքներու ներքոյ»,- ասանկ  կ՚եզրափակուի կոչը: