ԱՄՆ Քոնկրեսը պարտաւորեցուցած է Պաքուն պահպանելու Լեռնային Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը եւ ցեղային հայերու՝ Լեռնային Արցախի մէջ գտնուող իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը։ Դեռեւս 2025 թուականի Դեկտեմբեր 18-ին ԱՄՆ 119-րդ գումարման Քոնկրեսին (2025-2026 թթ․) ներկայացուած H.R. 6840 օրէնքի նախագիծը յստակ պահանջներ կը սահմանէ Պաքուի նկատմամբ։ Փաստաթուղթի 2-րդ՝ «Հայաստանի անվտանգային աջակցութեան վերանայում» բաժնին մէջ ամրագրուած 5 առանցքային կէտերով ԱՄՆ օրէնսդիր մարմինը Պաքուի հետ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ՝ պարտաւորեցնելով վերջինիս ճանչնալ ցեղային հայերու՝ Լեռնային Արցախ վերադառնալու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը։
https://www.congress.gov/bill/119th-congress/house-bill/6840/text։
Կարեւոր է արձանագրել, որ փաստաթուղթը Պաքուն կը պարտաւորեցնէ․
- Ճանչնալ ցեղային հայերու՝ Լեռնային Արցախի մէջ գտնուող իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը եւ պարտաւորուիլ պահպանելու հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերը Լեռնային Արցախի մէջ։
- Պահպանել Համատեղ հռչակագրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները։
- Ամբողջութեամբ դուրս բերել բոլոր ռազմական ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։
- Անվերապահօրէն ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները։
- Դադրեցնել Հայաստանի նկատմամբ թշնամական գործողութիւնները։
Կարեւոր է նաեւ արձանագրել, որ վերոնշեալ 5 կէտերու կատարումն ապահովելու նպատակով՝ ԱՄՆ Պաշտպանութեան քարտուղարը պարտաւոր է օրէնքի ընդունումէն 180 օր ետք, իսկ յետագային՝ տարեկան դրութեամբ (այլ գերատեսչութիւններու հետ համակարգմամբ), Քոնկրեսի պաշտպանութեան յանձնաժողովներուն հաւաստել, որ Պաքուի կառավարութիւնը այդ ուղղութեամբ էական քայլեր ձեռնարկած է։ Եթէ Պաշտպանութեան քարտուղարը չկարենայ հաւաստել 5 կէտերով նախատեսուած տեղեկատուութիւնը, ապա նման հաւաստման պահանջուած ժամկէտէն ոչ ուշ քան 14 օր ետք, Քարտուղարը պէտք է իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրուող Միացեալ Նահանգներու անվտանգային աջակցութեան անհապաղ վերանայում՝ գնահատելու Հայաստանի զսպման եւ ինքնապաշտպանական կարողութիւններուն մէջ առկայ բացերը։
Ընդգծենք, որ ԱՄՆ հետեւողական կերպով կը փորձէ աջակցիլ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։ Ի մասնաւորի, կարելի է յիշատակել 2025 թ․ Յուլիս 23-ին ԱՄՆ Քոնկրեսի 87 անդամներու պաշտօնական նամակը ԱՄՆ պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիոյին՝ անդրադառնալով շրջանի պատմական եկեղեցիներու եւ վանքերու ոչնչացման ուղղուած Պաքուի քաղաքականութեան։
https://monumentwatch.org/hy/2025/07/25/ամն-կոնգրեսի-87-անդամներ-պաշտոնական-նամ/
Բացի այդ, կարեւոր է նշել, որ ասիկա ԱՄՆ Քոնկրեսի միակ նախաձեռնութիւնը չէ։ Խօսքը կը վերաբերի օրէնքի մէկ այլ նախագիծի, որ կը նախատեսէ առաջիկայ 5 տարիներուն ֆինանսաւորել Քոնկրեսի գրադարանը՝ ամերիկեան դպրոցներուն մէջ Հայերու ցեղասպանութեան պատմութիւնը դասաւանդելու եւ ուսուցիչներ վերապատրաստելու նպատակով։ Փաստաթուղթի նպատակը կրթական ծրագիրներու միջոցով 1915-1923 թթ․ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը բարձրացնելն է՝ կանխելով անոնց ժխտումն ու փաստերու խեղաթիւրումը։
https://www.congress.gov/bill/119th-congress/house-bill/2585/text։
