2006 թուականին Հրանդ Տինքի դէմ դատական գործի ծիրէն ներս, դատարանի շէնքին մէջ եւ անոր շրջակայքը տեղի կ՚ունենային ցեղապաշտական յարձակումներ, սպառնալիքներ եւ լինչի ենթարկելու փորձեր։ Դատավարութեան մասնակիցները ստիպուած էին ոստիկաններու ուղեկցութեամբ անցնիլ կատաղած ամբոխին մօտէն՝ դատարան հասնելու համար։
Հրանդ Տինքի փաստաբանը իր վկայութեան մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէս ապահովական միջոցառումներու պայմաններուն տակ ստիպուած էին զինք գաղտնի մուտքով առաջնորդել դատարանի շէնք։ Դատական միջանցքներուն մէջ հաւաքուած մարդիկ կը պոռային, բռունցքները կը թափահարէին եւ կը թքէին, մինչդեռ Հրանդ Տինք կը շարունակէր քալել՝ առանց հակազդելու։
«Մինչ այդ, բազմիցս ամօթ զգացած էի՝ տեսնելով, թէ ինչպէս ճնշողները կը վարուին ճնշուածներուն հետ, կամ մեծամասնութիւնը՝ փոքրամասնութեան։ Սակայն այդ օրը խորապէս ամչցայ այն մարդոց համար, որոնք ամօթի չնչին զգացում անգամ չունէին», կը գրէ հեղինակը։
Ան ցաւով կը նշէ, որ արդարադատութիւն իրականացնելու կոչուած դատարանը վերածուած էր ցեղապաշտական յարձակումներու եւ ահաբեկման վայրի, մինչդեռ երկրի դատական համակարգը չէր կրցած պաշտպանել փոքրամասնութեան ներկայացուցիչի մը իրաւունքները։
Հեղինակը կ’եզրակացնէ, որ այս դէպքերը պէտք չէ մոռցուին, եւ կը խոստանայ յաջորդ յօդուածով շարունակել պատմել դատարանին մէջ տեղի ունեցածին մասին։
