«Այսպիսի անհեթեթ իրավիճակներ կրնան ստեղծուիլ, երբ եղածը չես արժեւորեր»․ Տաթեւիկ Հայրապետեան 

  • by Editbeglari, September 22, 2026 in Լուրեր
128 դիտում

Ատրպէյճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է․

«Այսպիսի անհեթեթ իրավիճակներ կրնան ստեղծուիլ, երբ դուն քու ունեցածդ չես արժեւորեր, ունեցածդ կը նսեմացնես եւ քու պատմութեան, արմատներուդ ու ինքնութեանդ դէմ կը պայքարիս՝ քու իսկ ձեռքովդ։ Այդ ընթացքին զուգահեռ իրականութեան մէջ քու հաշուոյդ պատմութիւն ու ինքնութիւն կը հորինեն, կը խեղաթիւրեն քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւնը, ոտնձգութիւն կը կատարեն քու հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուդ նկատմամբ։

Անոր համար քու ունեցածդ պէտք է ամուր պահես, արժեւորես եւ տէր կանգնիս…»։