«Այս օրը մեզ կրկին կը յիշեցնէ, որ պետութեան անվտանգութիւնը չի կրնար փոխարինուիլ քաղաքական յայտարարութիւններով»․ «Ուժեղ Հայաստան»

  • by Editbeglari, September 26, 2026 in Լուրեր
86 դիտում

Սեպտեմբեր 27-ը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենածանր օրերէն մէկն է։ 2020 թուականի այս օրը սկսաւ լայնածաւալ պատերազմ մը, որուն հետեւանքները ծանր եղան Հայաստանի եւ Արցախի համար։

Այս օրը մեզ կրկին կը յիշեցնէ, որ պետութեան անվտանգութիւնը չի կրնար փոխարինուիլ քաղաքական յայտարարութիւններով, իսկ խաղաղութիւնը՝ պարտութեան եւ մշտական զիջումներու հաշուին։ Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ անվտանգ, կայուն եւ ինքնիշխան պետութեան մը արդիւնքը։

«Ուժեղ Հայաստան»-ը հանդէս կու գայ խաղաղութեան օրակարգով՝ առանց զիջումներու եւ պարտադրուած նախապայմաններու։ Հայաստանի գլխաւոր երաշխաւորը պէտք է ըլլայ միայն Հայաստանը՝ ուժեղ բանակով, զարգացած տնտեսութեամբ, գիտութեամբ, արդիւնաւէտ դիւանագիտութեամբ եւ ազգային միասնականութեամբ։

Խաղաղութիւն՝ առանց զիջումներու։
Խաղաղութիւն՝ առանց նախապայմաններու։

«ՈՒԺԵՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»