COP17-ի ծիրէն ներս «Արցախ միութեան»՝ Արցախի ժողովուրդին խնդիրներն ու կենսաբազմազանութիւնը ներկայացնելու դիմումը մերժուած է։ Կազմակերպութեան նախագահ Արտակ Բեգլարեանի խօսքով՝ իրենց կանաչ գօտիին մէջ տաղաւար չէ տրամադրուած՝ առանց մերժումին պատճառները պարզաբանելու։
Արցախի Հանրապետութեան առաջին եւ երկրորդ գումարումներու պատգամաւոր Աշոտ Սարգսեան նշած է, որ այս քայլը արցախահայերը զրկած է միջազգային հարթակի վրայ իրենց իրաւունքներուն եւ բնիկ ժողովուրդի կարգավիճակին մասին բարձրաձայնելու կարելիութենէն։ Մինչդեռ COP17-ի ծիրէն ներս ներկայացուած են այլ բնիկ ժողովուրդներու եւ տեղական համայնքներու խնդիրները։
Աշոտ Սարգսեանի խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու արցախահայերու իրաւունքներուն եւ անոնց բնիկ ժողովուրդ ըլլալու հարցին վրայ։ Ան ընդգծած է նաեւ Արցախի օրինական կառոյցներուն աշխոյժ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ հետաքրքրուիլ Արցախի եւ արցախահայութեան խնդիրներով։
