ԱՐՄԱՏ2026-ի ծիրէն ներս Աշոտ Յարութիւնեան անդրադարձած է 2020-ի պատերազմի ընթացքին Արցախի անտառներուն հասցուած վնասներուն՝ զանոնք ներկայացնելով որպէս կենսաբազմազանութեան դէմ ուղղուած գործողութիւններու հետեւանք։
Անոր ելոյթին համաձայն՝ աւելի քան 160 հեկտար անտառային տարածք այրած է, իսկ Արցախի անտառներուն մէջ սպիտակ ֆոսֆորի կիրարկման եւ կենսաբանական բնոյթի վնասներ հասցնելու վերաբերեալ մեղադրանքները կը պահանջեն միջազգային անկախ ուսումնասիրութիւն։
Աշոտ Յարութիւնեան կոչ ըրած է գնահատելու վնասուած տարածքներու քիմիական եւ կենսաբանական աղտոտուածութիւնն ու անոր երկարաժամկէտ հետեւանքները՝ ընդգծելով Արցախի բնութեան պաշտպանութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանային եւ համաշխարհային կենսաբազմազանութեան պահպանման տեսանկիւնէն։
