Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ոչնչացումը․ Ա. մաս — 2020 թուական 

  • by WesternArmenia, October 14, 2026 in Լուրեր
129 դիտում

Կենսաբազմազանութեան համաշխարհային համաժողովի՝ COP17-ին ընդառաջ, Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ-ի գրասենեակը նախաձեռնած է հրապարակումներու շարք՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Արցախի բնական միջավայրին հասցուած վնասներուն եւ անոնց հետեւանքներուն վրայ հրաւիրելու նպատակով։

2020 թուականի պատերազմի ընթացքին ծանր վնասներ կրած են ոչ միայն Արցախի բնակավայրերն ու մշակութային յուշարձանները, այլեւ բնական էկոհամակարգերը։ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 2-ի տուեալներով՝ այրած էր շուրջ 1815 հեքթար անտառածածկ տարածք։ Անտառային հրդեհները կը սպառնային կենսաբազմազանութեան, կենդանիներու բնական միջավայրին, հողերու կայունութեան եւ բնակչութեան առողջութեան։

Նոյն տարուան Նոյեմբերին Հայաստանի եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանները հրապարակած էին համատեղ զեկոյց մը՝ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ հրկիզող զինամթերքի, հաւանաբար՝ սպիտակ ֆոսֆորի կիրառման վերաբերեալ։ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 9-ին Արցախի դատախազութիւնը յայտնած էր, որ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին ֆոսֆորային զէնքի կիրառման փաստը հաստատուած էր նաեւ փորձագիտական եզրակացութեամբ։ Այս տուեալները կը պահանջեն անկախ մասնագիտական ուսումնասիրութիւն եւ միջազգային իրաւունքի շրջագիծին մէջ պատշաճ քննութիւն։

Բնապահպանական վնասներու ամբողջական գնահատման համար անհրաժեշտ է փաստագրել հրդեհուած տարածքները, ուսումնասիրել էկոհամակարգերուն երկարաժամկէտ վնասները, պահպանել ապացոյցները եւ պարզել պատասխանատուութեան հարցը։ Արբանեակային պատկերները, տեսանիւթերը եւ փորձագիտական եզրակացութիւնները կրնան կարեւոր նշանակութիւն ունենալ այս գործընթացին մէջ։

Արցախի բնական միջավայրի պաշտպանութիւնը կարելի չէ տարանջատել բնակչութեան անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերէն։ COP17-ին ընդառաջ նախաձեռնութեան հեղինակները կը շեշտեն, որ կենսաբազմազանութեան պահպանումը պէտք է ըլլայ համընդհանուր սկզբունք, իսկ պատերազմի հետեւանքով բնութեան հասցուած վնասները՝ միջազգային ուշադրութեան եւ քննութեան առարկայ։