ՀՀԿ գործադիր մարմնի անդամ Տիգրան Աբրահամեան մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի ներքաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակին վերաբերեալ։ Անոր գնահատմամբ՝ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան հետեւանքով թշնամաբար տրամադրուած ուժերն ու երկիրները կը վերածուին դաշնակիցներու, մինչդեռ երկրի տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ ներդրում ունեցող մարդիկ կը նկատուին թշնամիներ։
Անդրադառնալով Հայաստանի սահմանը հատած եւ Շաքի բնակավայրը հասած ատրպէյճանցիին դէպքին՝ Աբրահամեան յայտարարած է, որ անիկա կը բացայայտէ ներքին եւ արտաքին անվտանգութիւնը ապահովող կառոյցներու լուրջ խնդիրները։ Անոր խօսքով՝ այդ մարմիններուն պարտականութիւնն է ապահովել երկրի անվտանգութիւնը, մինչդեռ, իր գնահատմամբ, անոնց գործունէութեան զգալի մասը կեդրոնացած է այլախոհութիւնը ճնշելու եւ քաղաքական հետապնդումներ իրականացնելու վրայ։
