Ատրպէյճանցիի յարձակումէն վիրաւորուած սիւնեցի կինը տեղափոխուած է Երեւան, «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած են Արեւելեան Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութենէն։
«Որոշակի ծառայութիւն մը կայ, որ Սիսիանի ԲԿ-ն չէ կրցած տրամադրել, սակայն այլ մանրամասնութիւններ հաղորդել չենք կրնար։ Վիճակը կայուն է, գիտակցութիւնը տեղն է», նշած են գերատեսչութենէն։
