Քաղաքագէտ-վերլուծաբան Աննա Աբրահամեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ տեսանիւթ մը հրապարակած է՝ կից գրելով․
«Ատրպէյճանցին մտած է Ծովագիւղ, տուները կը լուսանկարէ…
Ներսէն Կոկոլիկը եկեղեցւոյ դէմ իր սատանայական արշաւով քաոս պիտի սկսի, իսկ դուրսէն թշնամին քայլ առ քայլ պիտի սկսի Հայաստան մտնել։ Աստիճանաբար, ատրպէյճանցիին ձեռքին տեսախցիկը պիտի փոխարինուի զէնքով…
Գրաւելէ առաջ կու գան անարգել ու բացայայտ հետախուզութեան, կը նկարահանեն եւ կը զեկուցեն Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցներուն։
Իսկ մինչ այդ, չԸնդդիմութիւնը երջանիկ ապուշի ժպիտով ռիլզ կը նկարահանէ Եւրոպայի խորհուրդի շէնքէն, այսինքն՝ նոյն շէնքէն, ուրկէ կառավարուած են թաւիշը Հայաստանի մէջ, «մոլդովական սցենարով» «ընտրութիւնները» Հայաստանի մէջ, Արցախի յանձնումը թրիքներուն, «Զանգեզուրի միջանցքը» եւ այժմ արդէն Հայաստանի յանձնումը»։
