Արաղչին արձագանգած է Իրանի «անպաշտպան ըլլալու» մասին ԱՄՆ-ի յայտարարութիւններուն 

  • by Editbeglari, September 16, 2026 in Լուրեր
87 դիտում

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյեդ Ապպաս Արաղչի արձագանգած է ամերիկացի պաշտօնատարներու այն պնդումներուն, թէ Իրան իբր «անպաշտպան» է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ իրանեան IRNA լրատուական գործակալութիւնը։

«Յայտարարութիւն․ Իրան անպաշտպան է։ Իրականութիւն․ հարիւրաւոր ամերիկեան ռազմակայաններ եւ ռազմական կառոյցներ ենթարկուած են հարուածներու, իսկ տասնեակ ամերիկեան ինքնաթիռներ ոչնչացուած են կրակի հետեւանքով։ (Աղբիւրը՝ Փենթակոն)։

Սա այսպերկի միայն գագաթն է։ Յարմար պահուն մենք պիտի բացայայտենք ամերիկեան զօրքերու կրած կորուստներուն իրական տարողութիւնը, եւ ամօթը բաժին պիտի իյնայ անոնց, որոնք կեղծօրէն կը պնդեն, թէ Իրան անպաշտպան է»,- գրած է Արաղչի «X» ընկերային ցանցին վրայ։