Պաքուի հարցերով փորձագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան կը գրէ․
«Արեւելեան Հայաստանի քաղաքացիի կեանքին եւ անվտանգութեան դէմ ոտնձգութիւնը պէտք է ունենայ իրաւական հետեւանքներ։ Այսօր յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինաբար հատած Պաքուի զինուած ուժերու զինծառայողը Սիւնիքի Շաքի գիւղին մէջ կրակած է հայ կնոջ ոտքին։ Ան ձերբակալուած է, իսկ դէպքին առթիւ քրէական վարոյթ յարուցուած է։
Այս դէպքը պէտք է դիտարկել նաեւ նախորդ նախադէպերուն համատեքստին մէջ։ 2019 թուականին Հայաստանի իշխանութիւնները ԿԽՄԿ-ի աջակցութեամբ Պաքու վերադարձուցին Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինաբար հատած Պաքուի քաղաքացի Էլվին Իպրահիմովը՝ այդ քայլը պաշտօնապէս բնորոշելով որպէս «մարդասիրական քայլ»։ 2023 թուականին Պաքու վերադարձուեցաւ նաեւ Հուսէյն Ախունտովը, որ Հայաստանի մէջ սպաննած էր 56-ամեայ Հայրապետ Մելիքսեթեանը եւ դատապարտուած էր 20 տարուան ազատազրկման։
Այսօր պէտք է բացառել նման նախադէպի կրկնութիւնը։ Արեւելեան Հայաստանի քաղաքացիի կեանքին եւ անվտանգութեան դէմ ոտնձգութիւնը չի կրնար աւարտիլ յանցագործը «մարդասիրական» պատճառաբանութեամբ Պաքու վերադարձնելով։ Այս դէպքը պէտք է քննուի օրէնքի ամբողջ խստութեամբ, իսկ մեղաւոր ճանչցուելու պարագային՝ յանցագործը պէտք է կրէ օրէնքով նախատեսուած պատիժը»։
