Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյան» հիմնադրամի ղեկավար Արման Թաթոյեան քննադատած է խաղաղութեան քարոզը, որը կ՚օգտագործուի Երեւան իշխանութիւնը պահպանելու համար՝ պետութեան հիմքերու հաշուին։ Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի նախագահն արդեն յայտարարած է 300,000 ատրպէյճանցու՝ «Հայաստան վերադարձի» մասին, ինչը հումանիտար պատրուակով երկրի զաւթման ծրագիր է։
Արման Թաթոյեան նշած է, որ Բաքուն կը նախատեսէ Հայաստանի տարածքը տեղակայիլ յատուկ ծառայութիւններու գործակալներ, ինչը ոչ միայն չի նպաստեր խաղաղութեանը, այլ կը խորացնէ թշնամանքը։ Ան նաեւ դատապարտած է ՀՀ իշխանութիւններու՝ Ատրպէյճանի դէմ միջազգային գանգատներէն հրաժարուելու որոշումը, ինչը կը վտանգէ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ազգային շահերը։
«Խաղաղութիւնը հնարաւոր է միայն ոյժեղ պետութեան, ազգային արժանապատւութեան եւ արդիւնավետ դիվանագիտութեան միջոցով»,- նշած է Արման Թաթոյեան։
