Գրող եւ հրապարակախօս Ռուզան Ասատրեանը կարեւոր նկատած է հնագոյն ազգերու պատմական յիշողութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ առաջարկելով ստեղծել Հնագոյն ազգերու միջազգային պաշտպանութեան միութիւն։
Անոր խօսքով՝ հնագոյն ժողովուրդները դարեր շարունակ դիմագրաւած են պատերազմներու, ցեղասպանութիւններու եւ ազգային արժէքներու կողոպուտի հետեւանքները։ Ասատրեան, անդրադառնալով Հայաստանի պատմական ժառանգութեան եւ հայ ժողովուրդի անցեալի ողբերգութիւններուն, ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է համախմբել հնագոյն ազգերը՝ անոնց գոյութիւնն ու ինքնութիւնը պահպանելու նպատակով։
Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի՝ որպէս հնագոյն քաղաքակրթութեան կեդրոնի նշանակութեան՝ յիշատակելով հնագիտական գտածոներն ու պատմական առեւտրական կապերը։
Ռուզան Ասատրեանի համոզումով՝ հնագոյն ազգերու, ներառեալ հայ եւ իրանական ժողովուրդներու պատմական ժառանգութեան պահպանումը կը պահանջէ միջազգային համագործակցութիւն եւ համատեղ նախաձեռնութիւններ։
