Արցախեան մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին զեկոյց մը ներկայացուած է Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանին

  • by Editbeglari, March 12, 2026 in Լուրեր
124 դիտում

Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերող զեկոյց մը ներկայացուած է Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանին։ Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին ադրբեջանական ուժերը երկու անգամ ռմբակոծած են Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին, իսկ յետագային այն ենթարկուած է կառուցուածքային փոփոխութիւններու։

Փաստաթուղթը յիշատակած է նաեւ այլ դէպքեր․ պատերազմէն ետք ոչնչացուած է Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ «Կանաչ ժամ» եկեղեցին, վնասուած են Վանքասարի եկեղեցւոյ հայկական արձանագրութիւնները, իսկ Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին ամբողջութեամբ քանդուած է։

Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ պատերազմէն ետք եւ յատկապէս 2023 թուականի ռազմական գործողութիւներէն ետք Արցախի մէջ արձանագրուած են մշակութային յուշարձաններու ոչնչացման եւ փոփոխութեան բազմաթիւ դէպքեր։

https://iclaw.am/upload/publication-documents/69b27e51451db.pdf