Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակիչներու շահերը ներկայացնող ՀԿ-ներու ուղերձը միջազգային հանրութեանը

  • by Editbeglari, July 15, 2024 in Լուրեր
256 դիտում

Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակիչներու շահերը ներկայացնող Հասարակական կազմակերպութիւնները ուղերձով դիմած են միջազգային հանրութեանը՝ շեշտելով, որ ազատ ժողովուրդ մը չի կրնար հրաժարուիլ իր ինքնիշխան իրաֆունքներէն եւ ենթարկուիլ իր համար օտար պետութեան գերիշխանութեանը, առաւել եւս պետութեան մը, որը կը ղեկավարուի իր անպատժելիութեամբ արբեցած ավտորիտար, կոռումպացուած եւ ռասիստական համակարգին կողմէն: 

Կը նշեն, որ իրենց ընդհանուր որոշումը՝ լքիլ տուները, թողնիլ Սբ․ Մկրտչին մասունքները, եկեղեցիներն ու նախնիներու գերեզմանները, որոնք պաշտպանած են դարերով, ապացոյց է ողջ աշխարհին, որ Արցախին ժողովուրդին համար ազատութիւնը բարձրագոյն արժէք է։ 

Կը բացատրեն, որ իրենք հեռցան, քանի որ միայն ատանկ կրնային բացայայտիլ այն մեծ սուտը, որուն վրայ հիմնուած էր յակամարտութիւնը լուծելու քաղաքական գաղափարը, ստիպելով մեզի եպ մեր զաւակներուն հավատարմութեան երդում տալ եւ ընդունիլ մեզի ատող պետութեան քաղաքացիութիւնը։ 

«Երեք տասնամեակ շարունակ մենք մեր բոլոր ոյժերով պաշտպանած ենք մեր երեխաներու խաղաղութեան եւ ազատ զարգացման իրաւունքը: Մենք կը յակադրուինք քաղաքական գործարքներուն՝ որոնք մեզի կ՚առաջարկէին ի վնաս մեր հայրենիքին մէջ ապրելու մեր ինքնիշխան իրաւունքի, որը ձեռք է բերուած բազմաթիվ մարդոց կեանքին գնով մեր, յանուն ազգային արժանապատւութիւնը պահպանելու երկար դարերու պայքարի։ Եւ աս պայքարը չի ավարտուած»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Կը շարունակեն՝ յակամարտութեան երեք տասնամեակին ընթացքը պետական գործիչ , քաղաքական գործիչ կամ միջազգային իրաւական իշխանութեան ներկայացուցիչ մը չի պատասխանէր պարզ հարցի մը. ինչո՞ւ Բաքուն եւ այլ պետութիւններ, որոնք իրաւական առումով ճանչցած են օրէնքին գերակայութեան սկզբունքին հետեւելու պարտաւորութեաւնը՝ որպէս իրենց պետականութեան հիմնարար սկզբունք, կրնան չկատարիլ, այս սկզբունքէն բխող, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պարտաւորութիւնը։ 

«Մենք մտադիր չենք փոխիլ մեր համոզմունքները ո՛չ ոյժի, ո՛չ բնաջնջման սպառնալիքին, ո՛չ աքսորի, ո՛չ ալ ցանկացած այլ քաղաքական հանգամանքներուն»,- շեշտած են անոնք։ 

Եւրոպան եւ ամբողջ ժողովրդավարական աշխարհն այսօր կանգնած են ընտրութեան առաջ՝ կամ վերականգնիլ միջազգային կարգն Արցախին մէջ, հիմնուած ինքնորոշման իրաւունքի եւ մարդու այլ իրաւունքներու ու ազատութիւններու վրայ, կամ լռելյայն համաձայնիլ, որ նախահարձակութիւնը, շրջափակումը եւ բռնազաւթումը ձակամարտութիւններու լուծման օրինական միջոցներ են: 

Ներկայացուցած են 5 կետեր, որոնք իրենց կարծիքով՝ հայրենիք խաղաղ վերադարձին համար անհրաժեշտ են.

Առաջին՝ պետք է լիովին բացառուի Բաքուի կողմէն Արցախի քաղաքացիներու յակամարտութեան ողջ ընթացքին հետ կապուած ցանկացած մեղադրանքով քրեական հետապնդման յնարաւորութիւնը: Բոլոր ձերբակալուած եւ արդեն դատապարտուած հայերը պետք է ազատ արձակուեն։ 

Երկրորդ՝ Բաքուի զինուած ոյժերը, ոստիկանութիւնը եւ վարչակազմը պետք է ամբողջութեամբ դուրս բերուեն նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքէն եւ Շահումեանին շրջանէն, որտեղ Բաքուն կը կրէ 1992ին էթնիկ զտումներ իրականացնելու ողջ պատասխանատւութիւնը։ Նաեւ կը բացառեն Արցախի քաղաքացիներու վերադարձը հայրենիք՝ Ատրպէյճանի իրաւասութեան ներքոյ։ 

Երրորդ՝ Լաչինին միջանցքը պետք է փոխանցուի ՄԱԿ-ի վերայսկողութեանը ու կառավարմանը։ 

Չորրորդ՝ Արցախին սահմանի երկայնքով պետք է տեղակայուեն ՄԱԿ-ի միջազգային բազմազգ խաղաղապահ ոյժեր եւ ստեղծուի ապառազմականացուած գոտի։ 

Հինգերորդ՝ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին տարածքը եւ Շահումեանին շրջանը պետք է փոխանցուեն ՄԱԿ-ի կառավարմանը՝ բոլոր փախստականներու վերադարձի, ժողովրդավարական եւ իրաւական ինստիտուտներու ստեղծման եւ տնտեսութեան վերականգնման համար պայմաններ ապահովելու համար։