«Արցախի կորուստը Հայաստանի մէջ շատերու համար տակաւին ցաւոտ եւ չսպիացող վէրք է։ Սակայն Փաշինեանի կառավարութիւնը քայլեր ձեռնարկած է՝ պարտութիւնը ընդունելու եւ դէպի Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքում շարժելու ուղղութեամբ։ Միւսներուն համար, սակայն, ներառեալ վարչապետի քննադատներուն եւ բազմաթիւ փախստականներուն, Արցախէն՝ երկրի տասնամեակներու ազգային պայքարի առանցքային տարրէն, հրաժարիլը դաւաճանութիւն է։
Հետազօտողները պարզած են, որ արցախցիներու հասցէին «երախտամոռ» եւ «դասալիք» որակումները համակարգուած կերպով տարածուած են Փաշինեանի կառավարութեան հաւատարիմ գործիչներու կողմէ», – գրած է Foreign Policy-ն։
