«Արցախը յանձնելու արդարացում չկայ»․ Մետաքսէ Յակոբեան 

  • by WesternArmenia, October 19, 2026 in Լուրեր
102 դիտում

Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է․

«Ո՛Չ ՄԷԿ ԲԱՆ ԵՒ Ո՛Չ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄԸ։

Ո՛չ պատերազմը, ո՛չ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, ո՛չ միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը եւ ոչ ալ այն արդարացումները, որոնցմով այսօր կը փորձեն համոզել, թէ Արցախը պահելը անկարելի էր։

Անկարելիին մասին կը խօսին անոնք, որոնք չեն կրցած, չեն ուզած կամ դաւաճանաբար չեն պայքարած կարելիին համար։

Արցախի յանձնումը չի կրնար արդարացուիլ նոյնիսկ այն պարագային, երբ հետեւանքները ծանր են, վերադարձի ճամբան՝ դժուար, իսկ աշխարհը չի փափաքիր լսել մեր ձայնը։

Ես չեմ ընդունիր եւ երբեք պիտի չընդունիմ, որ Արցախի կորուստը ներկայացուի իբրեւ անխուսափելի իրողութիւն, իսկ արցախցիին վերադարձի պահանջը՝ իբրեւ անցեալին կառչած մնալ։

Արցախը միայն մեր անցեալը չէ։ Արցախը մեր չաւարտած ներկան է եւ մեր ապագայի իրաւունքը։

Պատմութիւնը կրնայ արձանագրել հանգամանքները, բացայայտել սխալները եւ գնահատել դերակատարները։ Բայց պատմական որեւէ բացատրութիւն չի կրնար վերածուիլ արդարացման։

Եւ ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի իր քաղաքական որոշումը պարտադրելու իբրեւ ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիր։

  • Արցախի յանձնումը արդարացնելու որեւէ պատճառ չկայ։
  • Արցախը մոռնալու իրաւունք չկայ։
  • Արցախ վերադարձի պայքարէն հրաժարելու իրաւունք չկայ»։