Արցախի ԱԺ-ն դատապարտած է Փաշինեանի պառակտիչ յայտարարութիւնները

  • by Editbeglari, May 18, 2026 in Լուրեր
118 դիտում

Արցախի ԱԺ խմբակցութիւնները դատապարտած են Նիկոլ Փաշինեանի՝ արցախցիներուն վերաբերող պառակտիչ յայտարարութիւնները՝ զանոնք համարելով անընդունելի եւ ազգային համերաշխութեան հակասող։ Անոնք ընդգծած են, որ բռնի տեղահանուած արցախցիներու արժանապատուութեան հաշուոյն քաղաքական շահարկումները անթոյլատրելի են, իսկ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը՝ սակարկութեան ենթակայ չէ։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ քննադատուած է արցախցիներուն պետական աջակցութեան նիւթին շահարկումը եւ կոչ ուղղուած է դադրեցնելու հասարակութիւնը պառակտող հռետորաբանութիւնը։