Արցախի ԱԺ-ն կ՚ողջունէ Լուիս Մորենո Օկամպոյին կողմէն մեկնարկած տեղեկատուական արշաւը

  • by Editbeglari, August 07, 2024 in Լուրեր
268 դիտում

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցի յայտարարութիւնը   Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կ՚ողջունէ Միջազգային քրեական դատարանին առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենո Օկամպոյին կողմէն մեկնարկած տեղեկատուական արշաւը, որը կը կազմակերպուի ՄԱԿ-ի Կլիմային փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրին կողմերու կոնֆերանսին 29-րդ նստաշրջանին («COP29») ընդառաջ։ Արշաւին նպատակն է բարձրաձայնիլ հիւրընկալող երկրի՝ Բաքուի կողմէն մարդու իրաւունքներու համակարգային եւ կոպիտ խախտումները։ Այն նաեւ միտուած է միաւորելու համահայկական ու միջազգային ջանքերը Բաքուի կողմէն անօրինաբար պահուող հայ պատանդներու անհապաղ ազատ արձակման համար։ 2023ի Սեպտեմբերին, Բաքուի կողմէն իրականացուած ցեղասպանութենէ եւ Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ետք, Բաքուին մէջ նման հեղինակաւոր միջոցառում կազմակերպելու միջազգային հանրութեան (ներառեալ՝ Հայաստանի) համաձայնութիւնը՝ առանց այդ պետութեան գործած յանցագործութիւններու համար պատասխանատւութեան եւ ատոնց հետեւանքներու վերացման օրակարգին յստակ ձեւակերպման, լրացուցիչ հիմք կը ստեղծէ Բաքուի հետագա ագրեսիվ եւ անպատիժ վարքագծին համար։

2020ի Սեպտեմբերէն ի վեր, Բաքուի կողմէն Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած ցեղասպանական ագրեսիաներու հետեւանքով ոչ միայն Արցախի ողջ ժողովուրդը բռնի տեղահանուեցաւ, այլեւ՝ բազմաթիվ հայեր ապօրինաբար կը պահուին Բաքուին մէջ։ Համաշխարհային այս կարեւոր միջոցառմանն ընդառաջ, միջազգային հանրութեան կողմէն Բաքուի նկատմամբ վարուող քաղաքականութեան անկիւնաքարային հարցերէն պետք է դառնայ նաեւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգ եւ արժանապատիվ հավաքական վերադարձին հարցը։   Հաշուի առնելով  այս թեմաները՝ կոչ կ՚ընենք աշխարհասփիւռ հայութեանը եւ Արցախի բարեկամներում գործուն աջակցութիւն ցուցաբերիլ մեկնարկած արշաւին։ Կը խնդրենք կիրառիլ հասանելի բոլոր գործիքները արշաւի սահմանուած նպատակներու իրագործման համար։ Վստահ ենք, որ համատեղ ջանքերով կրնանք հասնիլ արդարութեան եւ ապահովել մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։