Մարտ 12-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանը հրապարակային գրառմամբ անդրադարձաւ Արցախի հարցին շուրջ ձեւաւորուած քաղաքական եւ հասարակական իրավիճակին։ Անոր խօսքով՝ անընդունելի է այն մօտեցումը, ըստ որուն պէտք է պատժուին մարդիկ, որոնք կը յիշեցնեն Արցախի մասին, կը խօսին վերադարձի իրաւունքին մասին կամ կը բարձրաձայնեն պատմական ողբերգութիւնները։
Յակոբեանը կը նշէ, թէ որոշ շրջանակներու մէջ փորձ կը կատարուի սահմանափակել «Արցախի Հանրապետութիւն» անունին օգտագործումը եւ քննադատաբար կը վերաբերի այն դէպքերուն, երբ պաշտօնեաներ կը պատժուին Արցախի նիւթը բարձրաձայնելու համար։ Անոր կարծիքով նման քայլերը կը վկայեն ճշմարտութենէն խուսափելու մասին։
Պատգամաւորը կը շեշտէ, որ կարելի չէ քրէականացնել Արցախի անունը կամ վերացնել արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը։ Անոր համոզմամբ՝ անկարելի է նաեւ ջնջել ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը, քանի որ Արցախի մէջ մնացած են մարդոց տուները, եկեղեցիները եւ նախնիներու գերեզմանները։
Մետաքսէ Յակոբեանի կարծիքով՝ որեւէ իշխանութիւն չի կրնար «պատերազմ յայտարարել» բառերուն, գիրքերուն կամ յիշողութեան եւ յաղթել այդ պայքարին մէջ։ Ան կը շեշտէ, որ Արցախի հարցը չի կրնար փակուիլ քաղաքական յայտարարութիւններով, եւ արդար լուծում կրնայ ունենալ միայն այն ատեն, երբ վերականգնուի արդարութիւնը եւ մարդիկ հնարաւորութիւն ունենան վերադառնալ իրենց հայրենի տուները։
