Արցախի շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնք ժամանակին Հայաստանի մէջ ստացած էին անհատոյց բնակարաններ, վերջին շրջանին ստացած են ծանուցումներ՝ այդ բնակարանները դատարկելու վերաբերեալ։ Այս մասին Sputnik Armenia-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է արցախցի փաստաբան Ռոման Երիցեան։
Անոր խօսքով՝ գործընթացը կը վերաբերի քանի մը տասնեակ անձերու, ներառեալ իր քանի մը վստահորդները։ Երիցեան նշած է, թէ ծանուցումներուն մէջ որպէս հիմք կը նշուի նախկինին կատարուած «խախտումներով յատկացում», սակայն որեւէ յստակ իրաւական խախտում ներկայացուած չէ։
Փաստաբանը տեղեկացուցած է, թէ իր վստահորդներուն շահերը պաշտպանելու նպատակով դիմած է դատարան՝ վիճարկելով որոշումներուն իրաւաչափութիւնը։ Անոր համոզումով՝ դատական ատեանները պէտք է գնահատեն գործընթացին օրինականութիւնը եւ բացառեն կամայական մօտեցումները։
Նշուած է նաեւ, որ աւելի առաջ նման գործընթաց սկսած էր նաեւ ԱՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Արզումանեանի նկատմամբ, սակայն վարչական դատարանին որոշումով բնակարանէն վտարելու գործողութիւնը կասեցուած էր։
«Սկիզբէն մինչեւ վերջ ատելութեան դրսեւորում է․ ատելութիւն կը քարոզեն, չեն ուզեր, որ արցախցիները Հայաստանի մէջ որեւէ ապահովութիւն ունենան։ Ինչպէս Արցախէն դուրս բերին, հասցուցին հոս ու անտուն ձգեցին, հիմա ալ անոնք, որոնք բնակարան ունին, կը փորձեն կրկին անտուն ձգել»,- ըսած է Երիցեան՝ անդրադառնալով սկսած գործընթացին։
