Արցախի բնիկ ժողովուրդը ներկայացնող կազմակերպութիւններուն տաղաւար չտրամադրելը կը հակասէ COP17-ի գաղափարին եւ հիմնական խօսոյթին․ Հովիկ Ավանեսով 

  • by WesternArmenia, October 21, 2026 in Լուրեր
95 դիտում

COP17-ի օրակարգն ու Արցախի բնիկ ժողովուրդին իրաւունքներուն անտեսումը

«Առաւօտ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին «Արցախ միութեան» անդամ, Արցախի մշակութային ՄԻՊ Հովիկ Ավանեսով անդրադարձած է COP17 համաժողովի ծիրէն ներս Արցախի բնիկ ժողովուրդը ներկայացնող կազմակերպութիւններուն կանաչ գօտիին մէջ տաղաւար տրամադրելու մերժումին՝ զայն հակասութիւն նկատելով համաժողովին հռչակած սկզբունքներուն։

Աւանեսովի խօսքով՝ որպէս համաժողովը հիւրընկալող երկիր՝ Հայաստանը հնարաւորութիւն ունի միջազգային հարթակին վրայ բարձրաձայնելու բնիկ ժողովուրդներու խնդիրները, սակայն արցախեան կազմակերպութիւններուն ներկայացուած սահմանափակումները կը խոչընդոտեն այդ հնարաւորութեան իրագործումը։

Ան ընդգծած է, որ Արցախի բնիկ ժողովուրդին բռնի տեղահանութիւնը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու էկոհամակարգին հասցուած վնասները փոխկապակցուած խնդիրներ են։ Անոր համոզումով՝ Արցախի բնական միջավայրին լիարժէք պահպանումը կարելի չէ դիտարկել՝ անտեսելով պատմական կենսատարածքին մէջ բնիկ ժողովուրդին ներկայութեան եւ իրաւունքներուն հարցը։

Աւանեսովի գնահատմամբ՝ Արցախի բնապահպանական եւ մշակութային միջավայրերու պահպանութեան խնդիրները պէտք է դառնան միջազգային քննարկումներու մաս։ Ան տաղաւար տրամադրելու մերժումը կը նկատէ ոչ միայն մէկ կազմակերպութեան, այլեւ շուրջ 150 հազար արցախահայերու իրաւունքներն ու խնդիրները միջազգային հանրութեան ներկայացնելու հնարաւորութեան սահմանափակում։