Արցախի դրօշը կրկին հեռացուած է Էջմիածնի հրապարակէն

  • by Editbeglari, March 12, 2026 in Լուրեր
98 դիտում

Էջմիածնի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրուած Արցախի դրօշը կրկին հեռացուած է։ Վաղարշապատի համայնքապետարանի ներկայացուցիչներուն փոխանցումով՝ դրօշակակիր սիւնը չէր համապատասխանէր քաղաքաշինական նորմերուն եւ տեղադրուած էր ոչ սահմանուած վայր մը։

Վաղարշապատի համայնքապետ Արգիշտի Մեխակեանի մամուլի քարտուղար Ռոզա Կարապետեան նշած է, որ սիւնը տեղադրուած էր անհատական նախաձեռնութեամբ՝ առանց համայնքապետարանին հետ համաձայնեցման։ Անոր խօսքով՝ այն նաեւ վտանգ կը ներկայացուցէր քաղաքացիներուն համար, քանի որ նոյնիսկ թեթեւ քամիէն ճոճուած է։

«Սիւնը տեղադրուած էր ոչ սահմանուած վայր մը եւ կրնար վտանգաւոր ըլլալ։ Այդ պատճառով ալ այն հեռացուած է՝ վտանգը վերացնելու նպատակով», — նշած է Կարապետեան։

Համայնքապետարանը նաեւ յայտնած է, որ ներկայիս չի քննարկուիր Արցախի դրօշը հրապարակին մէջ այլ վայր մը տեղադրելու հարցը։ Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ յետագային համայնքը հետեւողական պիտի ըլլայ, որպէսզի որեւէ կառոյց կամ անձ առանց սահմանուած ընթացակարգերու համայնքի տարածքին մէջ ինքնակամ որեւէ բան չտեղադրէ։

Յիշեցնենք, որ Արցախի պետական դրօշը Էջմիածնի հրապարակին մէջ տեղադրուած էր 2022 թուականի Ապրիլին՝ բլոգեր Արմէն Ալեքսանեանի նախաձեռնութեամբ։ Դրօշի տեղադրութեան արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ քաղաքական եւ հասարակական շարք մը գործիչներ։ 2025 թուականին այն մէկ անգամ արդէն հեռացուած էր, սակայն այնուհետեւ կրկին տեղադրուած էր նախաձեռնողներու կողմէ։