Արցախի հայկական յուշարձանները վտանգի տակ են․ԱՄՆ զեկոյց

  • by Editbeglari, March 10, 2026 in Լուրեր
126 դիտում

ԱՄՆ Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի այս տարուան զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Պաքուի մէջ կրօնական ազատութիւններու վիճակին։ Զեկոյցի հեղինակները Պաքուն ներառած են Յատուկ դիտարկման ցանկին մէջ՝ մատնանշելով շարք մը մտահոգիչ հանգամանքներ։

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Արցախի եւ հարակից տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական պատմական եւ կրօնական յուշարձանները կը շարունակեն վտանգուած մնալ 2020 եւ 2023 թուականներու իրադարձութիւններէն ետք։ Արբանեակային պատկերներու տուեալներուն համաձայն՝ առնուազն ութ կրօնական կառոյց ամբողջութեամբ աւերուած է, իսկ եւս տասը՝ վնասուած։

https://www.uscirf.gov/sites/default/files/2026-03/USCIRF_2026_AR_3326_NEW.pdf