
Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդը խստօրէն դատապարտած է Նոյեմբերին Վիեննայի մէջ նախատեսուած միջազգային փառատօնին Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին եւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթին մասնակցութեան չեղարկումը։
«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հրապարակած նամակագրութեան համաձայն՝ Համաշխարհային փառատօներու ընկերակցութեան (WOFA) նախագահը յայտնած է, որ քանի մը դեսպանատուներ միջամտած են՝ արցախեան համոյթները մեղադրելով ենթադրեալ «անջատողական գործունէութեան» մէջ։
Հանրային խորհուրդը նման մեղադրանքները անընդունելի նկատած է՝ ընդգծելով, որ արցախահայութեան մշակութային ինքնութեան պահպանումը չի կրնար դիտարկուիլ որպէս վտանգ։ Խորհուրդը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ արցախցի արուեստագէտներուն՝ իրենց մշակոյթը միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելու խոչընդոտներուն վերաբերեալ։
Յայտարարութեամբ պահանջուած է հրապարակել միջամտած դեսպանատուներուն անունները, ներկայացուած մեղադրանքներուն փաստական հիմքերը եւ անմիջապէս վերանայիլ համոյթներուն մասնակցութիւնը չեղարկելու որոշումը։
«Արցախի մշակոյթի պահպանումը անջատողականութիւն չէ»,– ընդգծած է Հանրային խորհուրդը՝ կոչ ընելով յարգելու արցախահայութեան մշակութային ինքնութիւնն ու ստեղծագործական ազատութիւնը։
