Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդը յայտարարութեամբ դիմած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշին՝ մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի մէջ COP17-ի ծիրէն ներս անոր ելոյթներուն մէջ արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան եւ հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին չյիշատակման առնչութեամբ։
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ 2023 թուականի Սեպտեմբերին աւելի քան 100 հազար արցախահայեր Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն եւ նախորդած երկարատեւ շրջափակման հետեւանքով հարկադրուած եղած են լքելու իրենց հայրենիքը։ Խորհուրդը կ՚ընդգծէ, որ արցախահայութեան կապը պատմական հայրենիքին, մշակոյթին եւ բնական ժառանգութեան հետ անքակտելի է։
Յղում կատարելով ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ 2023 թուականի Նոյեմբեր 17-ի որոշման՝ Հանրային խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ աջակցելու անոր կիրարկման եւ ապահովելու արցախահայութեան անվտանգ, արժանապատիւ ու կամաւոր վերադարձի իրաւունքին պաշտպանութիւնը։
«Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները չեն կրնար պաշտպանուիլ ընտրողաբար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Խորհուրդը ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարէն կ՚ակնկալէ յստակ հրապարակային դիրքորոշում եւ գործնական արձագանգ՝ ընդգծելով, որ խաղաղութիւնը չի կրնար կառուցուիլ արցախահայութեան՝ հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքին անտեսման հիման վրայ։
