«Արցախի հետ տեղի ունեցածը միջազգային ոճիր մըն է, անոր մասնակիցները պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին»․ Էդգար Ղազարեան 

  • by Editbeglari, September 02, 2026 in Լուրեր
91 դիտում

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 35-ամեակին առիթով Եռաբլուր այցելած Արեւելեան Հայաստանի ԱԺ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդգար Ղազարեան յայտարարած է, որ Արցախի նկատմամբ տեղի ունեցածը միջազգային առումով յանցագործութիւն է։

Անոր խօսքով՝ Արցախի պատերազմը, ցեղասպանութիւնն ու մարդոց ազգային պատկանելիութեան հիման վրայ բռնի տեղահանումը պէտք չէ անպատիժ մնան։ Ղազարեան վստահութիւն յայտնած է, որ այդ գործողութիւններուն մասնակիցները վաղ թէ ուշ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին։