Արցախի մասին խօսիլը պատերազմ հրահրել չէ, զայն յիշելը՝ խաղաղութիւնը մերժել չէ, իսկ արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ կորուստներուն մասին բարձրաձայնելը՝ Հայաստանի դէմ գործել չէ․ Յակոբեան 

  • by WesternArmenia, October 09, 2026 in Լուրեր
123 դիտում

Արցախի մասին խօսիլը պատերազմ հրահրել չէ, զայն յիշելը՝ խաղաղութիւնը մերժել չէ, իսկ արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ կորուստներուն մասին բարձրաձայնելը՝ Հայաստանի դէմ գործել չէ։ Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեան։

Ան գրած է.

«Ինչպէ՞ս կրնայ սեփական պատմական հայրենիքի յիշողութիւնը սպառնալիք դառնալ Հայաստանի անվտանգութեան։ «Արցախ կամ խաղաղութիւն» ընտրութիւնը կեղծ է։ Ասիկա ընտրութիւն չէ, այլ՝ ազգային յիշողութիւնը իբրեւ վտանգ ներկայացնելու, իսկ լռութիւնը՝ պետական շահ նկատելու փորձ։

Եթէ խաղաղութիւնը մոռացութիւն կը պահանջէ, իսկ անվտանգութիւնը՝ լռութիւն, ապա խնդիրը Արցախի մասին խօսելու մէջ չէ, այլ՝ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան այդպիսի ընկալման մէջ։

Պետութիւնը չի կրնար ամրապնդել իր անվտանգութիւնը՝ սեփական ժողովուրդին պատմական յիշողութիւնը վտանգաւոր հռչակելով։ Եթէ Հայաստանի անվտանգութիւնը կը պայմանաւորեն Արցախի մասին լռութեամբ, ապա ասիկա անվտանգութեան քաղաքականութիւն չէ, այլ՝ ազգային ինքնութեան նահանջ՝ խաղաղութեան անուան տակ։

Եւ եթէ պետութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է ուրանալ սեփական պատմութիւնը, ապա հարց կը ծագի՝ ի՞նչ կը պահպանենք իրականութեան մէջ՝ պետութի՞ւնը, թէ՞ անոր գոյութիւնը բովանդակութենէ զրկող քաղաքական ուղին»։