Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնը կը յայտնէ.
«Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի նախկին նախարարները դիմած են ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանին՝ պահանջելով գործուն եւ հետեւողական միջոցներ ձեռնարկել Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, փաստագրման եւ միջազգային ներկայացման ուղղութեամբ։
Դիմումը պայմանաւորուած է Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ինքնութեան փոփոխութեան եւ իւրացման շարունակուող քաղաքականութեամբ, ինչպէս նաեւ այդ գործընթացը միջազգային մակարդակի վրայ ներկայացնելու եւ օրինականացնելու փորձերով։
Նախկին նախարարները ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութենէն կը պահանջեն հրապարակային եւ յստակ գնահատական տալ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութեան, ստեղծել անոր մշտադիտարկման եւ փաստագրման գործուն պետական համակարգեր, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը հետեւողականօրէն բարձրացնել միջազգային մասնագիտական եւ միջպետական հարթակներուն վրայ։
Դիմումը կը ներառէ նաեւ Արցախի թանգարանային հաւաքածոներու պահպանութեան, անոնց իրաւական կարգավիճակի փաստագրման եւ տեղահանուած արցախահայութեան մշակութային իրաւունքներու համատեքստին մէջ հաւաքածոներու վերադարձի հարցը միջազգային օրակարգին մէջ բարձրացնելու պահանջը։
Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ փաստերու արձանագրումով։ Անիկա կը պահանջէ յստակ պետական դիրքորոշում եւ գործուն քայլեր»։
