Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած 58 երկիրներու եւ 9 միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու այցելութեան ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Գանձասարի վանական համալիրի բակին մէջ գտնուող Ներսէս Հասան Ջալալեանցի տապանաքարը ներկայացուցած է որպէս «աղուանական» ժառանգութեան օրինակ։
Տապանաքարի ռուսերէն արձանագրութիւնը կը վկայէ, որ ան կը պատկանի Պերլինի համալսարանի բժշկութեան դոկտոր Ներսէս Ջալալեանցին (1886–1911)։ Տապանաքարին վրայ կան նաեւ հայերէն արձանագրութիւններ։ «Ջալալեանց» ազգանունը կազմաւորուած է Հասան Ջալալի ժառանգներու տոհմական անունին հիման վրայ, իսկ Ներսէս անունը հայերու մօտ գործածուած է տակաւին V դարէն։
Մասնագէտներու ներկայացմամբ՝ տապանաքարին եւ անոր արձանագրութիւններուն պատմական ու լեզուական համատեքստը չի հաստատեր զայն «աղուանական» յուշարձան ներկայացնելու պնդումները։ Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ նման մեկնաբանութիւնները խնդրայարոյց են յատկապէս այն պարագային, երբ անոնք կը ներկայացուին օտարերկրեայ դիւանագէտներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Հեղինակները հարցը կը դիտարկեն նաեւ մշակութային ժառանգութեան միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս՝ ընդգծելով յուշարձաններու պատմութեան եւ ինքնութեան արժանահաւատ ներկայացման կարեւորութիւնը։
