Թիւրքիոյ, Պակիստանի եւ Բաքուի ղեկավարները հանդիպած են Աստանային մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան շրջանակը։ Ատոր մասին սոցիալական ցանցերու մէջ գրած է «Greek City Times» գրասենեակին ղեկավար Փոլ Անտոնոպուլոս։
«Էրդողան ըսած է, որ իրենց հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ այն ատեն, երբ «տարածաշրջանը կը մոլեգնեն պատերազմները, հակամարտութիւններն ու լարուածութիւնը», եւ որ իրենց եռակողմ հանդիպումը «միաժամանակ նպաստաւոր կանդրադառնայ տարածաշրջանային եւ համապարփակ խաղաղութեանը»:
Ըստ Անտոնոպուլոսի՝ զաւեշտն այն է, որ Պակիստանն աշխարհի ահաբեկչական մայրաքաղաքն է, մինչդեռ վերջին տարիներուն Թիւրքիոյ մէջ պատրաստութիւն անցած սիրիացի ահաբեկիչներ են ուղարկուած Արցախ՝ ծառայելու որպէս թնդանոթին միս Բաքուի ներխուժման համար պատմականօրէն հայկական Արցախ։
