Արցախ TV-ն յայտարարութիւն տարածած է, ուր կ՚ըսուի․
«Յարգելի՛ հետեւորդներ,
Արցախ TV-ն կը մտնէ վերազինման եւ արդիականացման շրջան եւ կարճատեւ դադարէ մը ետք հանդէս պիտի գայ թարմ լրատուութեամբ, որակեալ եւ բովանդակալից հեռուստատեսային նախագիծերով։
Վստահ եղէք, որ այս դժուարին ժամանակներուն եւս պիտի կատարուի հնարաւոր ամէն բան՝ ըլլալու Արցախի եւ արցախցիին ձայնը»։
