Բաքուն Արեւելեան Հայաստանին յրաւիրած է մասնակցելու COP29 գագաթնաժողովին 

  • by Editbeglari, July 22, 2024 in Լուրեր
282 դիտում

Բաքուն Արեւելեան Հայաստանին յրաիիրած է իրենց երկրին մէջ Նոյեմբերին կայանալիք COP29 կլիմայական գագաթնաժողովին։ Ատոր  մասին յայտարարած է Բաքուի նախագահին օգնական Հիքմեթ Հաջիեւ։ 

«Մուխթար Բաբաեւը (COP29-ի նախագահ) յրաւեր նամակ է յղած Արեւելեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին։ Հիմա ժամանակն է, որ իրենց կառավարութիւնը որոշում կայացնէ»,- ըսած է Հաջիեւ։

Աւելի վաղ Հաջիեւ ըսած էր, որ Երեւանը եւ Բաքուն խաղաղութեան համաձայնագիրին հիմնարար սկզբունքներու շուրջ կրնան համաձայնութեան գալ մինչեւ նոյեմբեր` մինչեւ Բաքուին մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Կլիմային փոփոխութեան համաժողովը (COP29-ը)։

Յիշեցունք` Բաքուի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ մինչեւ այս տարուա Նոյեմբեր Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին ձեռքբերումը միանգամայն իրատեսական է։ Ան միաժամանակ նշած էր, որ այդ փաստաթուղթի կնքումն անհնար է առանց ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան։