Ըստ արբանեակային լուսանկարներու՝ ատրպէյճանական կողմը աւերած է դեռեւս 2020ին հոկտեմբերէն Բաքուի վերայսկողութեան տակ գտնուող Արցախի Հադրութի շրջանին Մոխրենես գիւղը: Աւերուած են գիւղի տուներու մեծագույն մասը, դպրոցը, մանկապարտեզը եւ այլն: Դեռեւս 2022ին Բաքուի աւերած էր գիւղի Սբ. Սարգիս եկեղեցին: Մոխրենես գիւղը եւ շրջակայքը հարուստ են յուշարձաններով: Մոխրենես գիւղին տարածքը հաշուառուած են աւելի քան 20 յուշարձաններ, գիւղին մօտ կը գտնուի յայտնի «Օխտը դռնի» վանքը: Ոչնչացման գործողութուններու հետեւանքով ուղղակի վտանգին տակ կը յայտնուին գիւղի շրջակայքը գտնուող յուշարձանները:
Բաքուն աւերած է Արցախի Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղը
- by Editbeglari, August 06, 2024 in Լուրեր
277
դիտում
