Բաքուն շատ աւելի լաւ կը զինուէր, քան Երեւանը. Մակրոն անդրադարձած է Երեւանին ֆրանսական զէնքին մատակարարումներուն 

  • by Editbeglari, July 20, 2024 in Լուրեր
275 դիտում

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մակրոն, ելոյթ ունենալով Լոնդոնին մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքին 4-րդ գագաթնաժողովին մէջ, Արեւելեան Հայաստանին վերաբերող շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ է ըրած՝ խօսելով Երեւանին մատակարարուող ֆրանսական զէնքի, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Բաքուի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններու մասին։ 

«Նորմալ է պատասխանիլ ինքնիշխան երկրին խնդրանքին, որը կը ցանկնայ զինուիլ՝ զգալով, որ կրնայ ագրեսիային ենթարկուիլ այլ պետութեան կողմէն»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը։

Ինչպէս նշած է նախագահ Մակրոն, վերջին տասնամեակին ընթացքը Բաքուն շատ աւելի լաւ է զինուած, քան Արեւելեան Հայաստան:

«Եթէ յիշողութիւնս ինծի չի դավաճանէր, հէնց Բաքուն է, որ սարսափելի պատերազմ է սկսած 2020-ին»,- յայտարարած է նախագահ Մակրոն։

Ան կը կարծէ, որ ռազմական տեսանկիւնէն` ցանկացած երկրին հետ համագործակցութիւնը միանգամայն նորմալ երեւոյթ է միջազգային պրակտիկային մէջ։

Աւելի վաղ Փարիզին մէջ Արեւելեան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարներու բանակցութւններու արդիւնքը կողմերը պայմանագիր էին ստորագրած ֆրանսական CAESAR հաուբիցներու մատակարարման վերաբերեալ: Լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ խօսքը 36 հրետանային կայանքներու մասին է։