Բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայկական հարցին վերաբերեալ եօթը մասէ բաղկացած ֆիլմաշար պատրաստուած է 

  • by WesternArmenia, November 04, 2026 in Լուրեր
91 դիտում

Թուրքիոյ Պատմագիտական ընկերութիւնը Հայկական հարցին վերաբերեալ պատրաստած է եօթը մասէ բաղկացած վաւերագրական ֆիլմաշար մը, որ կը ներկայացուի հինգ լեզուներով՝ թրքերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն։

«Հայերու ապստամբութիւնը Օսմանեան կայսրութեան դէմ, ահաբեկչութիւն եւ քարոզչութիւն» խորագիրը կրող ֆիլմաշարին նպատակն է Թուրքիոյ Պատմագիտական ընկերութեան տեսակէտները Հայկական հարցին վերաբերեալ ներկայացնել տեղական եւ միջազգային հանրութեան։

Ֆիլմաշարը կ՚անդրադառնայ 1915-ի իրադարձութիւններուն, տեղահանութեան, Հայերու ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ԱՍԱԼԱ-ին եւ պատմական փաստաթուղթերուն։ Անոր բովանդակութիւնը կ՚արտացոլէ Հայկական հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմագիտական մօտեցումը։