Գերեզմանատուներու ոչնչացումն Արցախին մէջ. Le Figaro 

  • by Editbeglari, July 24, 2024 in Լուրեր
308 դիտում

Միջնադարեան արուեստի պատմաբան եւ Կովկասի մասնագէտ Պատրիկ Դոնաբեդեանի կարծիքով՝ Բաքուի քաղաքականութիւնն Օսմանեան կայսրութեան XIX դարի քաղաքականութեան շարունակութիւնն է նոր միջոցներով, որը նպատակ ունէր տարածաշրջանէն ջնջիլ ամբողջ հայութեան ներկայութիւնը։ Ասոր մասին կը գրէ ֆրանսական Le Figaro թերթը։

«Քայլ առ քայլ կ՚ոչնչացնէին բնակչութիւնը (հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւն), կ՚ոչնչացնէին անոնց ժառանգութիւնը կամ այդ ժառանգութիւնը կը վերաբաշխէին ուրիշներուն: Նպատակն այն էր, որ բնակչութեան վտարումէն ետք կանխեին անոնց վերադարձը եւ ցոյց տային, որ հայերը օտար են այս տարածաշրջաններու մէջ եւ իրաւունք չունին այս հողերու նկատմամբ»,- նշուած է յօդուածին մէջ:

Այս տեսանկիւնէն գերեզմանոցներն են թիրախաւորուած։ Այս վայրերը, որ հայերու ինքնութեան մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն եւ մեծապէս կապուած են նախնիներու հետ, իրենց յայտնի խաչքարերով, տապանաքարերով, որոնցմէ ամէնահներն կ՚ամսագրուին IX դարի, ենթարկուած են բազմաթիվ վանդալիստական գործողութիւններու Բաքուի ռազմական գործողութիւններու ընթացքը։

Վերջին հայերու հեռնալէն ետք XIX դարի Ակնաղբիւրի Գուզե Թաղի մոտ գտնուող գերեզմանոցն ամբողջութեամբ աւերուած է։ Մէկ այլ գերեզմանոց, որը կը գտնուի Վազգենաշէնին մոտ եւ կը թուագրուի XIV դարի, ունէ քանի մը միջնադարեան խաչքարեր, 2023էն գտնուած է իբրեւ թէ ինտենսիվ շինարարական գոտիին մէջ։ Ըստ արբանեակային պատկերներու՝ գերեզմանոցին մեծ մաս մը արդեն աւերուած է, ինչը կ՚ենթադրէ, որ այն կրնայ փոխարինուիլ ժամանակակից ենթակառուցուածքներով։

18-19-րդ դարերը կառուցուած Ղազանչեցոց գերեզմանատուներու եւ երեւանեան դարպասներու մոտ բուլդոզերները գերեզմանաքարերու վրայ աղբ կը թափէին եւ գերեզմաններու միջով ճանապարհ կը փորէին՝ քանդելով պատմական տապանաքարերը։

Հաշուի առնելով այս տագնապալի շարքը Օրէնքի եւ արդարատադութեան Եւրոպական կեդրոնը (ECLJ) կը յայտարարէ, որ կը վախնայ Արցախի վանքերու ամբողջականութեան համար։ Մասնաւորապէս, Դադիվանքին (կառուցուած 9-րդ եւ 13-րդ դարերու միջեւ), Գանձասարին (կառուցուած 13-րդ դարը) եւ Ամարասին (կառուցուած 4-րդ դարը) ճակատագրերն առաջացուցած են միջազգային հանրութեան մտահոգութիւնը։