Գերմանիոյ Քասել քաղաքին մէջ տեղի ունեցած AIM-together akademie-ի համաժողովին այս տարի քննարկուած է «ներխմբային ցեղապաշտութիւն» նիւթը։ Համաժողովին մասնակցած են հայ, քիւրտ, յոյն, ասորի, հրեայ, սինթի եւ ռոմա համայնքներու ներկայացուցիչներ։
Գերմանահայ ուսանողական «Միասին» միութեան անդամներ Դաւիթ Շահբազեանն ու Սաթենիկ Գիւյումճեան ներկայացուցած են Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ հակահայկական ցեղապաշտութեան դրսեւորումները՝ անդրադառնալով նաեւ Արցախեան հակամարտութենէն ետք աճ արձանագրած հակահայկականութեան։
Համաժողովին ընթացքին ներկայացուած են գերմանահայ համայնքին մէջ իրականացուած հարցման արդիւնքները, որոնց համաձայն՝ հարցուածներուն 71 առ հարիւրը նշած է, որ բախած է հակահայկական վերաբերմունքի, բանաւոր կամ ֆիզիքական բռնութեան։
Ապրիլ 24-26-ը Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ Հայերու ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու հիմնական կազմակերպիչները եղած են գերմանահայ երիտասարդները։ Անոնք իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտած են պատմական յիշողութեան, արդարութեան պահանջատիրութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը։
Մասնակիցներուն համաձայն՝ Գերմանիոյ մէջ կը ձեւաւորուի ֆաշիզմի եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի նոր շրջան մը, ուր գործուն դեր կը ստանձնէ գերմանահայ ուսանողութիւնը։
