Գերմանիոյ մէջ կը սաստկանայ թրքական նոր սերունդի յանցաւոր խմբաւորումներու գործունէութիւնը 

  • by Editbeglari, September 11, 2026 in Լուրեր
119 դիտում

Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ վերջին շաբաթներուն աւելցած են թրքական կամ թրքական ծագում ունեցող անձերու պատկանող գործարարութիւններու եւ բնակարաններու դէմ յարձակումները։ Խանութներու, սրճարաններու, ոսկերչական վաճառատուներու եւ առանձնատուներու ուղղութեամբ արձանագրուած են հրաձգութիւններ եւ պայթումներ։

Գերմանիոյ իրաւապահ մարմինները յարձակումներու նմանատիպ ձեռագիրը կը կապեն այսպէս կոչուած «Z սերունդի թրքական մաֆիա» խմբաւորումներու գործունէութեան հետ։ Ոստիկանութեան տուեալներով՝ անոնք հիմնականօրէն կազմուած են 1995-2012 թուականներուն ծնած երիտասարդներէ եւ կը յատկանշուին բարձր կատաղութեամբ, ճկուն կազմակերպուածութեամբ եւ արագ տեղաշարժելու կարողութեամբ։

Խմբաւորումներու հիմնական գործունէութիւնը սպառնալիքն ու դրամի շորթումն է, որոնք յաճախ կ՚ուղեկցուին կրակոցներով, հրկիզումներով եւ գոյքի վնասումով։ 2026 թուականի Փետրուարէն ի վեր Հիւսիսային Հռենոս-Վեսթֆալիա նահանգին մէջ արձանագրուած է շուրջ 20 նման դէպք, որոնցմէ մէկը՝ սպանութեան փորձ։

Ոստիկանութիւնը կը նշէ, որ խմբաւորումներու անդամներու մշտական տեղաշարժը կը դժուարացնէ անոնց յայտնաբերումն ու ձերբակալումը։ Նմանատիպ հետաքննութիւններ կը կատարուին նաեւ Պերլինի եւ Գերմանիոյ այլ քաղաքներու մէջ։