«Եթէ այս հարցին դէմը չառնուի, կրնանք ականատես ըլլալ երկրորդ Նախիջեւանի»․ Հովիկ Աւանեսով 

  • by Hasmik Karapetyan, September 30, 2026 in Լուրեր
95 դիտում

Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման թափը կը սաստկանայ, մինչդեռ Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն անտարբեր արձագանգել այս լրջագոյն մարտահրաւէրներուն՝ անոնց անդրադառնալով միայն կողմնակի հարցադրումներու պարագային եւ խուսափելով ուղղակի հակադարձումներէ։

Պաքուի նկրտումները արդէն դուրս կու գան Արցախի սահմաններէն եւ կը թիրախաւորեն Հայաստանի տարածքը։ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի՝ Արցախ կատարած այցելութիւններէն ետք, Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան պետական ծառայութեան ղեկավար Սապինա Հաճիեւայի յայտարարութիւնը յաջորդեց, թէ Դադիվանքէն հանուած որմնանկարներու եւ խաչքարերու վերաբերեալ տուեալները տակաւին 2025 թուականի Հոկտեմբերին փոխանցուած են Ինթերբոլին՝ հայկական կողմը «գողութեան» մէջ մեղադրելով։

Զուգահեռաբար, Ատրպէյճանի պետական քարոզչամեքենայի գործիք հանդիսացող, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքը» նոր աշխատանքային խումբ կազմած է։ Անոր նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ գտնուող քրիստոնէական յուշարձաններու խեղաթիւրումն ու «ուսումնասիրութեան» պատրուակով անոնց նկատմամբ յաւակնութիւններ ներկայացնելն է։

Ատրպէյճանի այս ծաւալապաշտական քաղաքականութեան եւ, մասնաւորապէս, Արցախի մշակութային կորուստներու ընդլայնուող քարտէսին «168 TV»-ի «Զառան հարց ունի» հաղորդաշարի շրջանակին մէջ անդրադարձած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ Հովիկ Աւանեսովը՝ վերլուծելով ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը եւ հայկական կողմի քաղաքական վարքագծին հետեւանքները։

«Եթէ անոր դէմը չառնուի, կրնանք ականատես ըլլալ երկրորդ Նախիջեւանի։ Բայց քանի որ կան որոշակի հնարաւորութիւններ, որպէսզի միջազգային ճնշումներու եւ համապատասխան դիւանագիտական աշխատանքի միջոցով այս աճող վտանգը նուազեցուի, պէտք է այդ ուղղութեամբ քայլեր իրականացուին։

Նախկինին՝ մինչեւ այս Օգոստոս 8-ի նախաստորագրուած «խաղաղութեան» փաստաթուղթերը, համապատասխան մարմինները՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը՝ իր ենթակայ մասնագիտացուած ՊՈԱԿ-ներով, եւ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, որոշ պարագաներու ահազանգ կը հնչեցնէին, յատկապէս 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին, երբ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին թիրախաւորուած էր եւ այլն։

Այդ ժամանակ անոնք համապատասխան գնահատականներ կու տային, այդ ամէնը պաշտօնական խողովակներով եւ լրատուամիջոցներով կը փոխանցուէր միջազգային կազմակերպութիւններուն, կը քննադատուէր այդ քաղաքականութիւնը։ Բայց վերջին ժամանակաշրջանին, ցաւօք սրտի, ականատես կ՚ըլլանք կատարեալ լռութեան, կամ՝ եթէ կը խօսին, կը խօսին այն ձեւաչափով, որ կանաչ լոյս կը վառէ Ատրպէյճանի համար։

Վանտալիզմի բոլոր դէպքերը վառ ապացոյց են, որ Ատրպէյճանը խաղաղութեան մտադրութիւն չունի, եւ ասիկա կրնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռքին լաւագոյն խաղաքարդը ըլլալ՝ միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար, թէ այս է Ատրպէյճանի իրական դիմագիծը։

Եթէ չըլլար Մայր Աթոռի, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հասարակական տարբեր նախաձեռնութիւններու, անկախ ակադեմական հարթակներու եւ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, մենք տեղեկատուական դաշտին մէջ կրնայինք յայտնուիլ շատ աւելի անորոշ իրավիճակի մը մէջ»։