Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան «Պանորամա»-ի եթերը խօսելով արցախցիներու խնդիրներու մասին՝ շեշտած է յատկապէա բնակարանային ապահովումը եւ արժանապատիվ աշխատանք ունենալը։ Աս խնդիրներու լուծման պարագային, ըստ Ստեփանեանի, Արցախի ժողովուրդի համար բաւականին նպաստաւոր իրավիճակ կստեղծուի։ «Գուցէ նպատակն այն է, որ արցախցիները թողնեն հեռնան, գուցէ նպատակն այն չէ, որ արցախցիները մնան Հայաստանին մէջ։ Տրուած աջակցութիւնը կը ներկայացուի որպէս լավութիւն։ Իշխանական պատգամաւորներու ֆեյքերու կողմէն ուղղորդուած ատելութիւն ու խտրականութիւն կը տարածուի։ Իմ խորին համոզմամբս, հայը պետք է Հայաստանին մէջ մնայ, իսկ վերադարձին իրաւունքին առաջ մղման համար պետք է Հայաստանին մէջ պահպանիլ կուռ համախմբուած հայկականը՝ Արցախի ժողովուրդի կորիզը։ Սա խիստ կէնսական կարեւորութիւն ունէ, եթէ ցրուեցան ամբողջ աշխարհով, 1-3 տարի ետք վերադարձին իրաւունքին մասին շատ դժուար է ըլլալու խօսիլը։
Եթէ կան մարդիկ, ովքեր կը մտածեն, որ կը խօսինք վերադարձի մը մասին, որ պետք է ըլլայ ատրպէյճանական բռնապետական ոստիկանական ոյժերու վերայսկողութեան ներքոյ, ապա չարաչար կը սխալուին։ Մենք կը խօսինք վերադարձի մը մասին, որտեղ կ՚ըլլայ անվտանգութիւն եւ արժանապատւութիւն եւ որը պետք է փոխկապակցուած ըլլայ ինքնորոշման իրաւունքին հետ։
Յամոզուած եմ՝ այդ հարցերն ատանկ ալ աս իշխանութիւններու կողմէն չեն բերուած օրակարգ, որովհետեւ տարբեր մակարդակներով ու խողովակներով խնդրիլ, բարձրաձայնած ենք։ Եթէ Արցախին թեման կ՚ուզենք որեւէ ձևով բաց պահիլ, ապա այլ իշխանութիւններու կարիք կայ, աս իշխանութիւններն այն միանշանակ չեն անելու»։
