Խումբ մը քաղաքացիներ եւ հասարակական գործիչներ բողոքի ցոյցեր կատարած են Հայաստանի մէջ օտար պետութիւններու դեսպանատուներուն առջեւ՝ պահանջելով COP17-ի քննարկումներուն եւ դիւանագիտական խորհրդակցութիւններուն մէջ բարձրացնել բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու հարցը։
Արցախի Հանրային խորհուրդի անդամ Ալվարդ Զաքարեան ներկայացուցած է ցուցարարներուն պահանջները՝ շեշտելով Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան՝ ապահով, կամաւոր, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձի իրաւունքի իրացման անհրաժեշտութիւնը։
Ցուցարարները միջազգային հանրութենէն կը սպասեն նաեւ քայլեր՝ ուղղուած տեղահանուած հայերու անվտանգութեան, սեփականութեան իրաւունքներու եւ համայնքային կեանքի պաշտպանութեան ապահովման։ Անոնք կը նախատեսեն հանդիպումներ ունենալ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներուն հետ՝ միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հարցը բարձրացնելու նպատակով։
Ալվարդ Զաքարեանի խօսքով՝ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն նուիրուած քննարկումներուն ընթացքին կ՚անտեսուի շուրջ 150 հազար արցախահայերու ճակատագիրը, որոնք բռնի տեղահանուած են իրենց հայրենիքէն։ Անոր գնահատմամբ՝ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը պէտք է դառնայ COP17-ի քննարկումներուն անբաժանելի մասը։
